2012-05-14 12:55:01

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի` Արեցցօյի Թեմին Կատարած Միօրեայ Հովուական Այցելութիւնը ։


Կիրակի 13 մայիսին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հովուական այցելութիւն կատարեց Արեցցօյի Թեմին ուր առաւօտեան` <<Իլ Բրաթօ>> հրապարակի վրայ, 30 հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ, նախագահեց բացօթեայ Սուրբ Պատարագին, որմէ ետք, նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։

Յետ միջօրէին Սրբազան Հօր Հովուական այցելութիւնը կը նախատեսէր երկու սրբավայրերու այցելութիւնը` Լա Վեռնա եւ Սանսեբոլգրօ Սրբավայրերը, սակայն զօրաւոր փոթորիկի պատճառաւ, Լա Վեռնա Սրբավայրի այցելութիւնը ջնջուեցաւ։ Լա Վեռնայ Սրբավայրը այն ուխտատեղին է ուր Ասիզացի Սուրբ ֆրանչիսկոսը 1224-ին` ստացած էր Յիսուսի սպիները։
Նորին Սրբութիւնը առ այդ ինքնաթիռով ուղղուեցաւ Սանսեբոլքրօ, Սրբավայրին կառուցման առաջին հազարամեակի առթիւ։ Սրբատեղիին հակիրճ այցելութիւն կատարելէ ետք ու հոն զետեղուած` հաւատացեալներու մեծ պաշտամունքի արժանացած` Քրիստոսի փայտէ արձանին առջեւ աղօթքի պահ մը անցնելէ ետք Նորին Սրբութիւնը <<Բիացցա Լա Թորրէ Տի Պերթա>> հրապարակի վրայ հանդիպեցաւ Սանսեբոլքրօ-ի բնակչութեան ու անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ հրաւիրեց կաթողիկեները նպաստելու <<նոր հրապարակային բարոյականի մը ծննունդին>> հաստատելով թէ <<այսօր կարիքը կայ որ աշխարհի ընծայած եկեղեցւոյ ծառայութիւնը արտայայտուի նուիրեալ եւ ներշնջուած աշխարհականներու միջոցաւ, որոնք կը գործեն ծառայութեան հոգիով անձնական շահերէն անդին։ Հասարակաց բարիքը աւելի կարեւոր է քան անձնական բարիքը -ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ու ապա ակնարկեց վերջերս տեղի ունեցած Ճուզեփփէ Թոնիոլօյի երանացման արարողութեան` ներկայացնելով զայն որպէս յանձնառումի տիպար ընկերային եւ քաղաքական գետնի վրայ։ Քրիստոնեաները ու մասնաւորապէս երիտասարդները կանչուած են յանձնառու ըլլալու եւ ուրիշի հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերելու -ըսաւ Ան - ու հրաւիրեց երիտասարդները քաջ ու համարձակ ըլլալու ըլլալու. <<Պատրաստ եղէք ըլլալու համայն ընկերութեան համեմները, ուղղամտութեան եւ անշահախնդիր անձնուիրումի աղով>>։
Նորին Սրբութեան երեկոյեան վերադարձաւ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.